By Asbarez | Tuesday, 08 August 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Յուլիս 31էն Օգոստոս 6, Պուլկարիոյ Պլակոյեւկրատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ուսողութեան (մաթեմաթիքսի) 24րդ միջազգային ուսանողական ողիմպիականը (IMC), որուն մասնակցեցան աշխարհի 71 համալսարաններու խումբեր (331 մասնակից): Մրցոյթին Հայաստանը ներկայացուցին Երեւանի պետական, Հայաստանի Ամերիկեան եւ Սլաւոնական համալսարաններու խումբերը: Հայաստանի խումբերը բարձր արդիւնքներ արձանագրեցին՝ նուաճելով երկու ոսկի, երկու արծաթ եւ երկու պրոնզ մետալներ:
Երեւանի պետական համալսարանէն (ԵՊՀ) մասնակցեցան 4 ուսանողներ, որոնցմէ երկուքը՝ Ալբերտ Գէորգեան եւ Վազգէն Միքայէլեան, արժանացան ոսկէ, իսկ Աւետիք Արագուլեան ու Գէորգ Մնացականեան՝ արծաթէ մետալներու:
<<Սա աննախադէպ արդիւնք է ԵՊՀի թիմի համար: Մինչ այս լաւագոյն արդիւնքը թիմային հաշուարկում եղել է 15րդ տեղը: Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի ուսանող Արտեոմ Քոսեանը եւ Սլաւոնական համալսարանի ուսանող Հրաչեայ Քոչարեանը արժանացան պրոնզէ մեդալների>>, կը յայտնէ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը:
Ուսողութեան միջազգային ողիմպիականին Հայաստանի խումբերը ղեկավարած եւ մարզած է ԵՊՀ եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի դասախօս Կարէն Քեռեան:
Ուսողութեան միջազգային այս մրցոյթին առաջին տեղը գրաւած է Իսրայէլի ազգային խումբը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ