Արցախին աջակցելու կոչ՝ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորէն

By Asbarez | Tuesday, 08 August 2017

0809EP Artsakh

Ֆրանք Էնկել

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Ֆրանք Էնկել Եւրոմիութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն փաստին վրայ, թէ Արցախը Եւրոմիութեան մօտակայ շրջաններուն մէջ միակն է, որ պաշտօնապէս որեւէ աջակցութիւն չի ստանար այդ կառոյցէն. ան աւելցուցած է, որ այժմ ժամանա՛կն է ապահովելու Եւրոմիութեան ներկայութիւնը այդ տարածքին մէջ, որ Պաքուի ջանքերով՝ արդէն 28 տարի է որ մեկուսացման մէջ է: Էնկել այս նպատակով նախաձեռնած է ստորագրահաւաքի մը, որուն արդէն իսկ միացած են հարիւրաւոր քաղաքական ու հասարակական գործիչներ՝ եւրոպական ազդեցիկ շրջանակներէ:

Այս մասին Էնկելի պատրաստած պատգամին մէջ ըսուած է. <<Կ՛ուզենք տեսնել Եւրոպայի ներկայութիւնը Ղարաբաղի մէջ, որովհետեւ Ղարաբաղը ա՛յդ կը փափաքի: Արցախը կ՛ուզէ ազատիլ անցեալին կատարուած ընտրութենէն եւ նայիլ դէպի Արեւմուտք, դէպի Եւրոպա՛, դէպի ազատութիւն եւ ժողովրդավարական արժէքներ: Եւրոպան կ՛աջակցի շատ այլ տարածքներու, որոնք ճանչցուած չեն տակաւին: Ինչո՞ւ նոյնը չ՛ըներ Կովկասի հայախօս այս տարածքին մէջ: Այս մօտեցումը պէտք է փոխուի: Այս կը խնդրէ եւ կը պահանջէ Ղարաբաղի ժողովուրդը, օրինականօրէ՛ն, եւ այդ մէկը պէտք է մենք ապահովենք>>:

Պատգամաւորը այս կոչով կ՛առաջարկէ բոլորին միանալ իր նախաձեռնութեան՝ դրդելու համար Եւրոմիութիւնը, որպէսզի աւելի գործնական ըլլայ Արցախի հարցով: Կոչին կցուած յայտարարութեան մէջ ներկայացուած են թիւեր ու վիճակագրութիւն. հոն նաեւ կը յիշեցուի, թէ Եւրոմիութիւնը պաշտօնական կամ ոչ-պաշտօնական յարաբերութիւններ ունի եւրոպական բոլոր երկիրներուն ու յարակից եւ չճանչցուած տարածքներուն հետ, օրինակ՝ Հիւսիսային Կիպրոսի կամ Աբխազիոյ, եւ աջակցութիւն կը տրամադրէ անոնց։

Ան կը շարունակէ՝ ըսելով. <<Կայ տարածք մը, որուն Եւրոմիութիւնը բացարձակապէս օգնութիւն չի տրամադրեր եւ ուր անոր պաշտօնատարները երբեք չեն այցելեր: Այդ վայրը Լեռնային Ղարաբաղն է, կամ՝ Արցախը: Այս տարածքը աշխարհի մէջ ականապայթումներու ամենաբարձր ցուցանիշներէն մէկը ունի: Այս փոքրիկ տարածքին բնակիչները 28 տարիէ ի վեր կ՛ապրին  շրջափակման մէջ: Ատրպէյճանի հանրապետութիւնը, որ կը պնդէ, թէ տարածքը կը գտնուի ի՛ր իշխանութեան ներքոյ, հսկայական ջանքեր կը գործադրէ Ղարաբաղի բնակչութիւնը աշխարհէն մեկուսացած վիճակի մէջ պահելու համար>>:

Պատգամաւորը կ՛ազդարարէ, թէ չօգնելով Արցախին՝ Եւրոմիութիւնը փաստօրէն պիտի գտնուի Ատրպէյճանի վարած մեկուսացման քաղաքականութեան աջակցելու վիճակին մէջ։

 



comments