Անգարա սառեցուցած է Սեւան Նշանեանի դրամատնային հաշիւները

By Asbarez | Thursday, 10 August 2017

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - <<Սփութնիք>> լրատուամիջոցի թրքական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ հետապնդուող պոլսահայ այլախոհ մտաւորական Սեւան Նշանեանի դրամատնային հաշիւները սառեցուած են։

Այս մասին <<Ֆէյսպուք>>ի իր էջին վրայ արտայայտուելով՝ Նշանեան գրած է. <<Դրամատնային հաշիւիս մէջ սեւ օրերու համար 12 հազար լիրա ունէի: Թուրքիոյ հանրապետութիւնը չգտաւ այլ բան, քան՝ ատիկա գրաւելը: Պետութիւն չէ՛, հրոսակախմբային աւազակախումբ է>>:

Նշենք, որ շինծու ամբաստանութիւններով երկար տարիներ բանտարկուած մնալէ ետք թրքական բանտէ մը փախուստ տուած Նշանեանը այժմ ապաստանած է Յունաստան, որուն իշխանութիւնները վեց ամսուան համար ապաստանեալի իրաւունք շնորհած են Նշանեանին։

 


comments

Advertisement