By Asbarez | Thursday, 10 August 2017
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդունած է Բրիտանիոյ Լորտերու տան անդամ պարոնուհի Քարոլայն Քոքսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Վարչապետը բարձր գնահատած է Քարոլայն Քոքսի հայանպաստ եւ մարդասիրական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային ասպարէզին մէջ ղարաբաղեան տագնապի արդարացի ներկայացման ուղղուած քայլերը: Վարչապետ Կարէն Կարապետեան նշած է, որ յատկապէս վերջին շրջանին հայ-բրիտանական յարաբերութիւններուն մէջ նկատելի է աշխուժացում եւ կարեւոր նկատած է տնտեսական մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան զարգացումը, գործարար կապերու խթանումը, ներառեալ` տարբեր համաժողովներու կազմակերպումը:
Վարչապետ Կարապետեան ընդգծած է, որ երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման հարցը առարկայական ձեւով քննարկած է նաեւ Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանին հետ եւ աւելցուցած, որ կան յստակ պատկերացումներ հետագայ քայլերուն ուղղութեամբ:
Պարոնուհի Քոքս վարչապետին հետ խօսած է Հայաստան եւ Արցախ կատարած իր բազմաթիւ այցելութիւններուն մասին եւ նշած, որ ջերմօրէն կապուած է հայ ժողովուրդին հետ: Պարոնուհին եւս անհրաժեշտ գտած է հայ-բրիտանական տնտեսական համագործակցութեան զարգացումը` կարեւոր նկատելով միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու խորացումը, բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւններու կազմակերպումը:
Քոքս պատրաստակամութիւն յայտնած է հետագային եւս իր գործունէութեամբ աջակցելու հայ ժողովուրդին եւ նպաստելու հայ-բրիտանական կապերու սերտացման:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ