ԵԱՀԿ-ի դիտարկումը Ասկերանի ուղղութեամբ

By Aztag Daily | Thursday, 10 August 2017


Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ, 9 օգոստոսին ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանագիծին վրայ ծրագրային դիտարկում իրականացուցած է Ասկերանի շրջանի ուղղութեամբ` Ակնա-Հինդարխ ճանապարհահատուածին:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Կենատիէ Փեդրիգան (Մոլտովա) եւ Օկնեն Եովիչը (Պոսնիա եւ Հերցեկովինա), ինչպէս նաեւ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի աշխատակից  Մարթին Շուսթրը (Գերմանիա):

Սահմանագիծին հակառակ կողմէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը եւ անոր դաշտային օգնական Միխայիլ Օլարուն (Մոլտովա):

Դիտարկումը անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին:

Դիտարկման առաքելութեան արցախեան կողմէն ուղեկցած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները:

 



comments

Advertisement