Աւելորդ հանդուրժողութիւն ցուցաբերած ենք Թուրքիոյ. Պերլին

By Asbarez | Friday, 11 August 2017

0810germ trk

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Արտայայտուելով թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն մէջ առկայ ճգնաժամին մասին՝ Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ուրսուլա վոն տեր Լէյէն ըսած է. <<Թուրքիոյ հանդէպ աւելորդ հանդուրժութիւն ցուցաբերած ենք>>։

Ըստ <<Կազեթաքարինչա>> լրատուական կայքին, նախարարին գնահատականով՝ Թուրքիա աւելի ու աւելի կը հեռանայ Եւրոպայէն:

Լէյէն, նկատի ունենալով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն քայլերը՝ ըսած է, որ օրէնքի սկզբունքներէն ետ կանգնիլը եւ խօսքի ազատութիւնը սահմանափակելը ո՛չ մէկ պատճառաբանութիւն կրնան ունենալ:

Ան նաեւ անընդունելի համարած է Գերմանիոյ քաղաքացիներու ձերբակալութիւնը Թուրքիոյ մէջ, եւ աւելցուցած. <<Թուրքիոյ կառավարութիւնը ինքն իրեն հանդէպ պահանջած յարգանքը մեզի՛ նկատմամբ եւս պէտք է ցուցաբերէ>>։

Յիշեցնենք, որ թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան նորագոյն ալիքը յառաջացուց Թուրքիոյ կողմէ Գերմանիոյ քաղաքացի Փեթըր Շթոյտների բանտարկութիւնը։ Ան մաս կը կազմէ մարդկային իրաւանց պաշտպան Միջազգային Ներում կազմակերպութեան:

 



comments