Հարիրի կոչ կ՛ընէ Լիբանանը միջամուխ չդարձնելու առանցքներու միջեւ պայքարին

By Asbarez | Friday, 11 August 2017

0811leb

ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>> - Լիբանանի կառավարութիւնը Օգոստոս 9ին գումարեց իր ընթացիկ նիստը՝ նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ նիստին ընթացքին Հարիրի շեշտած է, թէ կառավարութիւնը ամբողջական կերպով կը զօրակցի լիբանանեան բանակին՝ Քաայի բարձունքները ազատագրելու նպատակով սկսելիք իր ճակատամարտին մէջ: <<Հարիրի ընդգծեց նաեւ, որ իբրեւ վստահութիւնը վերահաստատելու կառավարութիւն՝ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է գործադրէ ինքզինք չէզոք պահելու քաղաքականութիւնը>>, ըսաւ Ռիաշի՝ աւելցնելով, որ վարչապետը կոչ ուղղած է Լիբանանը միջամուխ չդարձնելու միջազգային առանցքներու միջեւ պայքարին:

Կարգ մը նախարարներու Սուրիա այցելութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Ռիաշի յայտնեց. <<Այս իմաստով կառավարութիւնը յատուկ որոշում չէ տուած: Նախարարաց խորհուրդը այդ հարցը քննարկեց եւ քննարկումներուն արդիւնքը կը նկատէ իր սեփականութիւնը: Վարչապետ Հարիրիի կեցուածքը՝ Լիբանանը առանցքային եւ շրջանային պայքարներու միջամուխ չդարձնելու վերաբերեալ, բաւական յստա՛կ է: Եթէ կայ նախարար մը, որ կ՛ուզէ Սուրիա այցելել, ապա առանձինն կ՛ուղղուի Սուրիա եւ ոչ թէ կառավարութեան որոշումով>>:

Ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան (<<Հըզպալլա>>էն), նիստէն մեկնումի պահուն յայտնեց, որ ինք՝ իբրեւ ճարտարարուեստի նախարար, ստացած է Սուրիա այցելութեան հրաւէր մը եւ այդ հանգամանքով պիտի ուղղուի Սուրիա: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ առեւտուր գոյութիւն ունի, ինչպէս նաեւ կան որոշ կէտեր, որոնք լուծման կարիք ունին, <<բան մը, որ երկկողմանի յարաբերութիւններ ունեցող երկու երկիրներու պարագային շա՛տ բնական է>>, հաստատեց ան:

 



comments