Ամերիկա կը քննադատէ Փութինի Աբխազիա այցելութիւնը

By Asbarez | Friday, 11 August 2017

 

0811putin Abkhazia

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Օգոստոս 10ին քննադատեցին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ Օգոստոս 8ին Աբխազիա կատարուած այցելութիւնը՝ զայն <<անյարմար>> որակելով։

Նշենք, որ Փութին Վրաստանէն անկախութիւն հռչակած այդ տարածքը այցելած էր՝ ռուս-վրացական կարճատեւ պատերազմին 9րդ տարեդարձը նշելու համար, եւ տեղւոյն իշխանութիւններուն ու ժողովուրդին վստահեցուցած էր, թէ Մոսկուա անվերապահօրէն պիտի շարունակէ սատարել Աբխազիոյ՝ շեշտելով, որ <<Ռուսիա կը մնայ Աբխազիոյ անկախութեան եւ ապահովութեան երաշխաւորը>>։

Վերոյիշեալ պատերազմէն ետք, Մոսկուա պաշտօնապէս ճանչցած էր Աբխազիոյ, ինչպէս նաեւ Վրաստանէն անկախութիւն հռչակած երկրորդ տարածքին՝ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք՝ Վրաստան Մոսկուայի հետ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզած էր։

Յիշեցնենք, որ անցեալ շաբաթ Վրաստան այցելած Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս շեշտած էր, թէ այս գծով Ուաշինկթըն նեցուկ կը կանգնի Թիֆլիսի իշխանութիւններուն եւ չի ճանչնար Աբխազիոյ ու Հարաւային Օսեթիոյ անկախութիւնը։

Փութինի այցելութիւնը քննադատող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ եւս շեշտուած է, թէ Ուաշինկթըն <<անվերապահօրէն կ՛աջակցի Վրաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան>>, միաժամանակ կոչ ընելով Ռուսիոյ, որ իր զինուորական ուժերը հեռացնէ <<վրացական տարածքներ>>էն եւ վերատեսութեան ենթարկէ Աբխազիոյ ու Հարաւային Օսեթիոյ անկախութիւնը ճանչնալու իր որոշումները։

 

 



comments

Advertisement