Թրամփ կը սերտէ Քաթարի մէջ Ամերիկեան ռազմական ներկայութեան նուազեցման կարելիութիւնը

By Asbarez | Friday, 11 August 2017

0810qatar base

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Ամերիկեան <<Պրուքինկզ>> հիմնարկը կը գրէ, թէ ամերիկացի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, ամերիկեան բանակէն պահանջած են սերտել Քաթարի մէջ իրենց երկրի ռազմական ներկայութիւնը նուազեցնելու կարելիութիւնը:

Ըստ հիմնարկին՝ նման քայլ մը ներկայիս անյարմար է, նկատի ունենալով Իրանի ներկայացուցած մարտահրաւէրը, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ մրցակցութիւնն ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ՝ ամերիկեան ներքին քաղաքականութիւնն ու ամերիկեան ամավարկի իրավիճակը:

<<Պրուքինկզ>> նաեւ կը նշէ. <<Անհաւանական է, որ քաթարեան տագնապը մօտ օրէն չքանայ: Ուժերը <<Ատիտ>> ռազմակայանէն շրջանային նոր վայրեր կամ Միացեալ Նահանգներ փոխադրելը դժուար պիտի ըլլայ՝ գործնական պատճառներով, որովհետեւ <<Ատիտ>> ռազմակայանին անհասանելի դառնալը մեծապէս պիտի խանգարէ <<Իսլամական պետութեան>> դէմ օդային գործողութիւններու ղեկավարումն ու համակարգումը, նաեւ այդ մէկը դժուար պիտի ըլլայ՝ նիւթական խնայողութեան վերաբերեալ ելեւմտական պատճառներով>>:

 



comments

Advertisement