By Asbarez | Friday, 11 August 2017
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական թռիչքներու ոլորտին մէջ վարուող քաղաքականութիւնը կը միտի ընդլայնել համագործակցութիւնը նաեւ արեւելեան գործընկերներու հետ եւ հաստատելու ուղիղ օդային հաղորդակցութիւններ այդ ուղղութիւններով:
Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւնը հայաստանի ռազմավարական գործընկերն է այդ տարածքին վրայ եւ այս պետութեան հետ յարաբերութիւններու զարգացման համահունչ, անհրաժեշտութիւն յառաջացած է պարբերաբար վերատեսութեան ենթարկելու գործող իրաւապայմանագրային դաշտը:
Չինացի գործընկերներու հետ բանակցութիւնները 2017ին տուած են ակնկալուած արդիւնքը: Քաղաքացիական թռիչքներու գլխաւոր վարչութեան պետ Սերգէյ Աւետիսեանի հրաւէրով, Օգոստոս 8ին Հայաստան ժամանեց Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան քաղաքացիական թռիչքներու վարչակազմի պետի տեղակալ Վանկ Ճիցինկի գլխաւորած բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը՝ մասնակցելու երկօրեայ բանակցութիւններու:
Նշենք, որ Հայաստան Չինաստանի քաղաքացիներուն համար դիւրացուցած է մուտքի արտօնագիրներ ստանալու գործընթացը:
Չինացի պատուիրակները յայտնեցին իրենց հետաքրքրուածութիւնը Չինաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ չուերթներու կազմակերպման վերաբերեալ: Անոնք նաեւ անդրադարձան մասնագէտներու վերապատրաստման կազմակերպման, փորձառութեան փոխանակման եւ միջկառավարական համագործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցերուն:
Հայաստանի եւ Չինաստանի պաշտօնատարները ստորագրեցին <<Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ օդային հաղորդակցութիւնների մասին>> համաձայնագիր:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ