Ռուսական Իլ-76ը Հայաստան կը ժամանէ Խոսրովի անտառի հրդեհը հանգցնելու

By Asbarez | Tuesday, 15 August 2017

0815il76

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը (ԱԻՆ) Խոսրովի Անտառի հրդեհը հանգցնելու համար Հայաստան ուղարկած է Իլ-76 ինքնաթիռ մը:

Իլ-76ը, որ կը նկատուի հակահրդեհային ամէնէն մեծ ինքնաթիռներէն մէկը, կրնայ հրդեհուած վայրին վրայ մէկ անգամէն 42 թոն ջուր թափել, 800 մեթր երկարութեամբ եւ 60 մեթր լայնութեամբ պատուարային գօտի ստեղծել:

Նշենք, որ Խոսրովի Անտառի հրդեհի մարման աշխատանքներուն կը մասնակցին 75 փրկարարներ, 132 զինուորներ, ոստիկանութեան 70 աշխատակիցներ, անտառի տնտեսութեան 50 աշխատակիցներ եւ բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեանի գլխաւորութեամբ Նախարարութեան 140 պաշտօնեաներ:

 



comments

Advertisement