Թել Աւիւ կը հետաքննէ Հայկական դիրքերու ռմբակոծման մէջ Իսրայէլացիներու մասնակցութեան հարցը

By Asbarez | Tuesday, 15 August 2017

0815Isra

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, <<Ազատութիւն>> - Իսրայէլեան <<Հաարեց>> թերթը հրապարակած է յօդուած մը՝ իսրայէլեան առանց օդաչուիի օդանաւեր արտադրող ընկերութեան մը կողմէ՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանին վրայ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ կատարուած փորձարկումներուն մասին, նշելով, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս սկսած է քննելու Ատրպէյճանին նման սարքեր մատակարարող <<Aeronautics Defense Systems>> ընկերութեան այս գործողութիւնները:

Ըստ թերթին՝ սոյն ընկերութեան աշխատակիցները Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին իրենց <<Orbiter 1K>> անօդաչու սարքերուն կարողութիւնները ցուցադրած են՝ հայկական դիրքերուն վրայ իրականացուած հարուածի մը միջոցով:

Իր կարգին, իսրայէլեան <<Մաարիւ>> թերթը աւելցուցած է, թէ երբ իսրայէլացի երկու պաշտօնեաներ մերժած են նման փորձարկում մը կատարելու Պաքուի պահանջը, ընկերութեան տնօրէնը, փափաքելով բաւարարել գնորդին պահանջը՝ ի՛նք կատարած է փորձը, որ, ըստ նոյն աղբիւրին՝ որեւէ վնաս չէ հասցուցած եւ անոր արձակած ռումբը ինկած է հայկական դիրքերէն մօտաւորապէս 100 մեթր հեռաւորութեան վրայ:

Իսրայէլեան ընկերութիւնը, անշուշտ, կը հերքէ այս տեղեկութիւնը:

Իսրայէլի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատս Ցոլակ Մոմճեան, իր կարգին, ըսած է, թէ տեղեկութիւններ ունի այս հրապարակումներուն մասին, որոնցմէ տեղեակ է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Մոմճեան աւելցուցած է, թէ Իսրայէլի հայ համայնքը մօտէն կը հետեւի այս զարգացումներուն:

Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Սեւան, Հայաստանի նկատմամբ <<թշնամական արարք>> որակած է իսրայէլացի ընկերութեան այս գործողութիւնը՝ աւելցնելով, որ պէտք է ներքին հետաքննութիւն կատարուի այս գծով։ <<Ուղղակի ոճրագործութի՛ւն է Իսրայէլի կողմէ այսպիսի միջոցներով իր զէնքերը փորձարկելը: Մենք Ապրիլեան պատերազմէն ետք եւ անկէ առաջ ալ քանի մը անգամ մեր բողոքը ներկայացուցած ենք Իսրայէլին՝ պահանջելով, որ իսրայէլացի զինուորական մասնագէտները ետ բերուին Ատրպէյճանէն>>, ըսած է ան:

 

comments