
By Asbarez | Tuesday, 15 August 2017
Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական (HDP) կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան այցելեց Վան՝ ստուգելու այն պնդումները, թէ Վանի մէջ գտնուող պատմական <<Տիլքայա Հէօյուքի>> եւ հայկական գերեզմաննոցին մէջ լուացարան կը կառուցուի:
Ըստ <<Ակօս>> օրաթերթին՝ այդ տարածքը շրջափակուած եղած է փշալարերով: Փայլան զրուցեց տարածքի բնակիչներուն հետ, որմէ ետք յայտնեց. <<Այնտեղ, ուր ձեռքս տարի՝ մարդու ոսկոր դուրս եկաւ: Այլեւս որեւէ կասկած չունիմ, որ այս տարածքը հայկական գերեզմաննոց եղած է>>:
<<Ակօս>>ի հետ զրոյցի մը ընթացքին հայ պատգամաւորը ըսաւ, որ այդ տարածքը Ուրարտական ժամանակներէն մնացած բնակավայր եղած է. <<Այդ ժամանակներէն ի վեր հայերը այնտեղ բնակութիւն հաստատած են։ Բոլոր զրուցակիցներս կը պատմէին եկեղեցիներու եւ դպրոցներու մասին, սակայն դժբախտաբար այդ յիշողութիւնը ջնջուած է>>:
Փայլան ընդգծեց, որ տեղացիները իրեն ըսին, թէ այս հայկական գերեզմաննոցի գերեզմանաքարերը 1940-50ական թուականներուն ոչնչացուեցան: <<Այս գերեզմաննոցի տարածքին կառուցուած է մզկիթ մը, լուացարան մը եւ սրճարան մը: Տխրեցայ, որ մեր նախնիներու մնացորդներուն անգամ չկր-ցանք տէր կանգնիլ>>:
Վանի Էտրեմիթ (հայկական Արտամէտ) շրջանի Տիլքայա թաղամասին մէջ ծնած ու մեծցած է Արշիլ Կորքի. անոր տան կից կառուցուած եւ ժամանակի ընթացքին ոչնչացուած աղբիւրը 2015ին վերականգնուեցաւ եւ Էտրեմիթի քաղաքապետարանին կողմէ այդ մասին վկայող ցուցանակ դրուեցաւ, բայց ըստ Փայլանի, այդ աղբիւրի եւ հայ համայնքի մասին պատմող ցուցանակը հանուած է, աղբիւրին ջուրն ալ կտրած են: Ըստ Փայլանի՝ հայկական կեանքին վերաբերեալ բոլոր փաստերը ոչնչացուած են:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ