Թուրքիոյ մօտ Ռուսիոյ նոր դեսպանը ապահով կը զգայ

By Asbarez | Tuesday, 15 August 2017

 

0812yerkov

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Տակաւին միտքերու մէջ շատ թարմ է այն ահաւոր մահափորձը, որուն զոհ գնաց Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլովը՝ թուրք ոստիկանի մը ձեռամբ։

Այժմ, Ռուսիա դեսպան նշանակած է Ալեքսէյ Երքովը, որ Անգարայի մէջ իր պարտականութեան գլուխ անցաւ՝ յայտարարելով, որ ապահովութեան տեսակէտէն որեւէ մտահոգութիւն չունի։

Թրքական մամուլի գլխաւոր ներկայացուցիչներուն հետ իր առաջին հանդիպումին ընթացքին, ան շեշտեց, թէ նախորդ դեսպանին սպանութեան հետաքննութիւնը կը շարունակուի տակաւին թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Ռուսիոյ կողմէ, որովհետեւ տակաւին մութ կողմեր լուսաբանուած չեն։

 



comments

Advertisement