Ազգայնամոլներու ահաբեկչութիւնը յստակօրէն չդատապարտած Թրամփ կը քննադատուի, ապա…

By Asbarez | Tuesday, 15 August 2017

 

0815virginia

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Էյ.Փի.>> - Նախագահ Տանըլտ Թրամփ, որ տակաւին կը շարունակէ լուռ մնալ մզկիթի մը վրայ մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ կատարուած յարձակումին գծով, անցած շաբաթավերջին քննադատութեան թիրախ դարձաւ հանրապետական եւ դեմոկրատ քոնկրեսականներու կողմէ՝ Վըրճինիայի մէջ տեղի ունեցած սպիտակամորթ ծայրայեղ ազգայնամոլի մը կողմէ 32ամեայ ցուցարարի մը սպանութեան հանդէպ իր ցուցաբերած մեղմ եւ անուղղակի հակադարձութեան համար։

Արդարեւ, Սպիտակ տունը ազգայնամոլներով լեցուցած նախագահը (նշելու համար երկու օրինակ՝ ծայրայեղ աջակողմեան կազմակերպութեանց ջատագով Սթիւ Պենըն Թրամփի ռազմավարական գլխաւոր խորհրդականն է, իսկ ընդհանուր դատախաղ Ճեֆ Սեշընզը յայտնի ազգայնամոլ մըն է) բոլոր կողմերուն ծայրայեղ արարքները քննադատած էր, հակառակ անոր որ բախումները յառաջացած էին ազգայնամոլներու հրահրումներուն իբրեւ հետեւանք:

Այս քննադատութեանց դիմաց տեղի տալով՝ Թրամփ Երկուշաբթի օր վերջապէս քննադատեց սպիտակամորթ ազգայնամոլներուն հրահրած վայրագութիւնները՝ ընդունելով, որ <<ցեղամոլութիւնը սատանայակա՛ն է>>։

Նշենք, որ կին մը սպաննուած էր եւ 19 ուրիշներ վիրաւորուած, երբ նացիներու ջատագով երիտասարդ մը իր ինքնաշարժը քշած էր ազգայնամոլութեան դէմ խաղաղ ցոյց մը կատարող խումբի մը վրայ։

Ծայրայեղ աջակողմեան ցուցարարներու շարքին էին նոր նացիականներ եւ <<Քու Քլաքս Քլեն>>ի անդամներ:

Ոստիկանութիւնը ձերբակալեց ինքնաշարժին վարորդը, որ մարդասպանութեամբ ամբաստանուեցաւ։

Նաեւ, հետաքննութիւն սկսաւ ցոյցերուն հետեւող ոստիկանական ուղղաթիռին ջախջախման գծով, որուն իբրեւ հետեւանք մահացան երկու ոստիկաններ:

Շաբաթավերջին, ազգայնամոլներու ահաբեկչական արարքներուն դէմ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Քալիֆորնիոյ Օքլընտ, Սան Ֆրանսիսքօ, Լոս Անճելըս եւ Սան Տիէկօ քաղաքներուն մէջ, ուր դատապարտուեցան Թրամփի նախագահ ընտրուելէն ետք բազմացած եւ ատելութիւն հրահրող կեցուածքներն ու յայտարարութիւնները։

 

 


comments

Advertisement