Ազգայնամոլներու դէմ ցոյցերը կը շարունակուին

By Asbarez | Wednesday, 16 August 2017

 

0816durham

ՏՈՒՐԸՄ, Հիւսիսային Քարոլայնա, <<Էյ.Փի.>> - Ազգայնամոլներու դէմ ցոյց կատարող 32ամեայ կնոջ մը սպանութիւնը՝ 20ամեայ ազգայնամոլի մը կողմէ, կը շարունակէ բողոքի ցոյցեր հրահրել Միացեալ Նահանգներու տարածքին։

Նման ցոյցերէն մէկուն ընթացքին, ցուցարարներ Երկուշաբթի, Օգոստոս 14ի երեկոյեան զգետնած են ազգայնամոլութեան խորհրդանիշի վերածուած եւ քաղաքացիական պատերազմի օրերուն անջատողականութիւն քարոզած ուժերուն ի պատիւ արձան մը, որ 1924ին զետեղուած էր Հիւսիսային Քարոլայնայի մէջ։ Նման արձաններ այլ քաղաքներէ եւս վերցնելու կոչերը բազմացած են։

Ծայրայեղ աջակողմեաններուն դէմ մեծ ցոյցեր տեղի ունեցած են մասնաւորաբար Նիւ Եորքի, Օքլընտի, Լոս Անճելըսի, Սիէթըլի, Աթլանթայի եւ Տենվըրի մէջ: Ցոյցերուն մասնակիցները դատապարտած են արմատական աջակողմեան խումբերուն ցոյցերը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն պահանջած են աւելի խստութեամբ դատապարտել անոնց գործունէութիւնը:

Նիւ Եորքի մէջ բողոքի ցոյց կատարողները, քանի մը խումբերով, երթով մօտեցած են <<Թրամփ Թաուըր>>ին, ուր նստացոյց կատարած են՝ նախագահին ուղղուած իրենց պահանջներով:

Սիէթըլի մէջ տեղի ունեցած է ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ բախում մը, որուն ընթացքին ոստիկանութիւնը օգտագործած է արցունքաբեր կազ, մահակներ եւ ձայնային ռումբեր: Նաեւ կոչեր կը կատարուի նախագահին, որ անյապա՛ղ պաշտօնազրկէ իր ռազմավարական գլխաւոր խորհրդական Սթիւ Պենընը, որ Վըրճինիայի ահաբեկչութեան մասին Թրամփի առաջին մեղմ հակադարձութեան հեղինակը կը նկատուի։

Միւս կողմէ, քաջալերուած Վըրճինիայի մէջ ազգայնամոլներու ցոյցին մեծաթիւ մասնակցութենէն՝ անոր կազմակերպիչները յառաջիկայ ամիս նման ցոյց մը կազմակերպելու դիմում կատարած են, սակայն նահանգապետը յայտարարած է, թէ պիտի ջանայ արգիլել ատելութիւն հրահրող նման հաւաքի մը կայացումը։

 



comments

Advertisement