By Asbarez | Wednesday, 16 August 2017
ՔԱՐԱՔԱՍ, <<Ռոյթըրզ>> - Վենեզուելլայի նորընտիր Սահմանադիր ժողովը որդեգրած է յատուկ որոշում մը, որ կը շեշտէ, թէ ինք գերակայ է իշխանութեան միւս ճիւղերէն: Որոշումը ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող խորհրդարանին եւ այլ պետական կառոյցներուն կ՛արգիլէ որդեգրել որեւէ որոշում, որ կրնայ խոչընդոտել Սահմանադիր ժողովի օրէնքներուն գործադրութիւնը։
Սահմանադիր ժողովը ստեղծուեցաւ Յուլիս 30ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն հիմամբ, որոնց արդիւնքը, սակայն, չէ ճանչցուած երկրի ընդդիմութեան, Միացեալ Նահանգներու եւ շարք մը այլ պետութիւններու կողմէ:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս ազդարարեց, թէ Վենեզուելլա կ՛ուղղուի դէպի բռնատիրութիւն, սակայն քաղաքական տագնապի խաղաղ լուծումը տակաւին կարելի՛ է:
Հարաւային ամերիկեան շրջապտոյտի մը ձեռնարկած Փենս նշեց նաեւ, որ իր երկիրը պիտի չընդունի բռնատիրական պետութեան մը գոյացումը, եւ թէ Վենեզուելլայի դէմ մօտ օրէն նոր պատժամիջոցներ կրնան հաստատուիլ:
Մինչ այդ, Վենեզուելլայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ Օգոստոս 15ին յայտարարեց, թէ երկրին զինուորական ուժերը ռազմական յատուկ փորձեր պիտի կատարեն՝ դէմ դնելու համար <<կայսերապաշտներու>> սպառնալիքներուն, ակնարկելով նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Օգոստոս 11ին կատարուած այն սպառնալիքին, թէ ի հարկին՝ Վենեզուելլայի տագնապը զինուորական միջոցներով պիտի լուծուի։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ