Իրանի Դելիջանն ու Հայաստանի Դիլիջանը կը դառնան քոյր քաղաքներ

By Asbarez | Wednesday, 16 August 2017

0816sisterdilijans

ԹԵՀՐԱՆ, <<Ալիք>> - <<ԻՌՆԱ>> լրատուական գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Իրանի Դելիջանն ու Հայաստանի Դիլիջանը դարձան քոյր քաղաքներ:

Պայմանագիրը կնքելու նպատակով Օգոստոսի 14ին Հայաստան մեկնեցաւ Դելիջան քաղաքի պատուիրակութիւնը: Դելիջանի քաղաքապետ Մեհտի Էսմայիլի յայտնեց, որ գործընթացը նոր էջ մը պիտի բանայ երկու համանուն քաղաքներու յարաբերութիւններուն մէջ. <<Երկու քաղաքներուն միջեւ համապատասխան պայմանագիրի ստորագրումը վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին եղած է օրակարգային կէտ: Այս պայմանագիրի իրագործումը կը նպաստէ երկու քաղաքներուն միջեւ մշակութային, տնտեսական, զբօսաշրջութեան եւ արդիւնաբերական յարաբերութիւններու ընդլայնման>>, յայտնեց իրանցի քաղաքապետը:

Իրանեան պատուիրակութեան Դելիջանի քաղաքապետէն բացի մաս կը կազմէին նաեւ շինարարական հարցերու կեդրոնական նահանգի նահանգապետի տեղակալը, քաղաքի կուսակալը, քաղաքապետական խորհուրդի նախագահը եւ քանի մը գործարարներ:

Նծենք, որ Յուլիսի 4էն 5, Իրանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արտաշէս Թումանեան այցելած էր Դելիջան եւ ծանօթացած էր քաղաքի զբօսաշրջութեան եւ արդիւնաբերական հնարաւորութիւններու պայմաններուն:

 



comments