Գերմանիոյ խորհրդարանի Թուրք երեսփոխանուհին վտանգաւոր կ՛որակէ Թուրքիան

By Asbarez | Thursday, 17 August 2017

0810Sevim_Dagdelen

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> -  Գերմանիոյ ու Թուրքիոյ միջեւ շարունակուող լարուած վիճակը շատ հեռու է մեղմանալէ. ընդհակառակը, ամէն օր Թուրքիոյ դէմ նոր ձայն մը կը բարձրանայ այդ երկրէն։

Այս անգամ, Գերմանիոյ մէջ Թուրքիան գետին զարնողը թրքուհի մըն է՝ Գերմանիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Սեւիմ Տաղտելէն։

Թուրքիոյ մէջ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւնները քննադատելով՝ ան, առանց բառերը ծամծմելու, Թուրքիոյ դէմ խօսած է եւ պահանջած, որ վերջ տրուի Թուրքիոյ տրամադրուող օժանդակութեանց։ Ան ըսած է, որ եթէ Եւրոմիութիւնը դադրեցնէ Թուրքիոյ հետ իր բանակցութիւնները, ապա կրնայ իր ուզած ճամբան բերել Թուրքիան։

Տաղտէլէն իր քննադատութիւններուն թիրախ դարձուցած է նաեւ նախագահ Էրտողանը ու պնդած, որ ՆԱԹՕի մէջ կան բարձրաստիճան զինուորականներ, որոնք Էրտողանի ցուցմունքներուն կ՛անսան։ <<Անոնք սխա՛լ կը գործեն. անոնք Թուրքիան պէտք է տեսնեն իբրեւ վտանգաւո՛ր երկիր>>, ըսած է Տաղտէլէն։

 



comments

Advertisement