Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ հանրաքուէն կրնայ քաղաքացիական պատերազմ պատճառել. Չաւուշօղլու

By Asbarez | Thursday, 17 August 2017

0817mevlt

ՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, <<Մարմարա>>, <<Էրմենիհապեր>> - Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ անկախութեան հանրաքուէն կրնայ քաղաքացիական պատերազմի պատճառ դառնալ, Օգոստոս 16ին այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու։

Ըստ թրքական <<Տիքեն>> լրատուական կայքին, Չաւուշօղու քննադատած է հանրաքուէն՝ դարձեալ կոչ ընելով, որ անիկա անմիջապէս ջնջուի՛։

Հակառակ անոր որ որոշ շրջանակներ կը փորձեն արգելք հանդիսանալ յառաջիկայ Սեպտեմբեր 25ին կայանալիք հանրաքուէին, Իրաքի քրտական շրջանի ղեկավար Մասուտ Պարզանի անդրդուելի կը մնայ այդ գծով եւ կը շարունակէ յայտարարել, թէ հանրաքուէն պիտի կատարուի ճշդուած թուականին։ Այդ շրջանի ընտրական խորհուրդը արդէն իսկ տպագրած է երեք լեզուներով քուէաթերթիկներ, որոնց վրայ կը տեսնուին երկու դրօշակներ՝ իրաքեան եւ քրտական դրօշակները։ Անոնք, որոնք անկախ պետութեան կողմնակից չեն, պիտի կնքեն Իրաքի կեդրոնական իշխանութեան դրօշակին վրայ, իսկ անոնք, որոնք անկախ Քիւրտիստանի մը հիմնումին կողմնակից են, պիտի կնքեն Քրտական ինքնավար շրջանի դրօշակին վրայ։ Երեք լեզուներն են՝ արաբերէնը, քրտերէնը եւ թիւրքմէններու թրքերէնը։

Հանրաքուէի քուէաթուղթին վրայ հարցումը հետեւեալն է. <<Կողմնակի՞ց էք, որ հիմնուի անկախ քրտական պետութիւն մը, որ իր սահմաններուն մէջ պիտի առնէ Հիւսիսային ինքնավար շրջանն ու վիճելի միւս շրջանները>>։

 



comments

Advertisement