Հասանով այցելած է Հայաստանի հետ սահմանային դիրքերը

By Asbarez | Thursday, 17 August 2017

 

0817hasanov

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ռազմ.ինֆօ>> - Երեքշաբթի, Օգոստոս 15ին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով այցելած է Հայաստանի հետ սահմանին վրայ գտնուող զօրամասերէն մէկը՝ ընկերակցութեամբ փոխվարչապետ Եակուպ Էյուպովի, որ կը կարգաւորէ երկրի ռազմարդիւնաբերական ոլորտը:

Այս տեղեկութիւնը հաղորդած Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կայքը կ՛աւելցնէ, թէ Հասանով նաեւ այցելած է մարտական յենակէտներ եւ ծանօթացած է նոր կառուցուած զինուորական աւանի մը մանրամասնութեանց։

Դատելով հրապարակուած լուսանկարներէն՝ ատրպէյճանցի պաշտօնեաները այցելած են երկրի զինուած ուժերուն 3րդ բանակային բաժանմունքի ենթակայութեան տակ գտնուող զօրամասը, որ Տաւուշի եւ Գեղարքունիքի սահմաններուն վրայ է:

 



comments

Advertisement