Չաւուշօղլու Յիմար անուանած է Գերմանացի երեսփոխանը

By Asbarez | Thursday, 17 August 2017

 

0815neou

ԱՆԳԱՐԱ, <<Տէօչէ Վելլէ>> - Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու <<յիմար>> անուանած է գերմանացի այն երեսփոխանը, որ Թուրքիա իր այցելութենէն առաջ ապահովական երաշխիք պահանջած էր:

Արդարեւ, Գոնիա գտնուող ՆԱԹՕի ռազմակայանը մեկնելու պատրաստուող գերմանացի երեսփոխան Ալեքսանտր Նէու այս երաշխիքը պահանջած էր՝ նկատի ունենալով Թուրքիոյ անապահով վիճակը։ <<Պէտք է վստահ ըլլամ, որ ապահով դուրս պիտի գամ այնտեղէն>>, ըսած էր Գերմանիոյ Ձախերու կուսակցութեան անդամ երեսփոխանը:

<<Անհերքելի է, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ կան Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական նկատուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւն խմբաւորման աջակիցներ, որոնք հիմնականին մէջ ձախակողմեան կուսակցութիւններու անդամներ են>>, պնդած է Չաւուշօղլու եւ աւելցուցած, թէ գերմանացի երեսփոխանները Թուրքիոյ մէջ այդպիսի՛ խմբաւորումներէ պէտք է զգուշանան:

 



comments

Advertisement