By Asbarez | Friday, 18 August 2017
ՄՈՍԿՈՒԱ - Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովա Հինգշաբթի, 17 Օգոստոսին, լրագրողներու հետ իր հանդիպման ընթացքին, մեկնաբանելով ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահի յայտարարութիւնը այն մասին, թէ հարկաւոր են յստակ քայլեր ԼՂ հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար՝ յայտնած է, որ Ռուսիա միշտ աջակցած է այն քայլերուն, որոնք ուղղուած են Արցախի հակամարտութեան գօտիէն ներս լարուածութեան նուազեցման:
Զախարովա նշած է, որ Ռուսիա իր կողմէ ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի կայունացնէ իրավիճակը եւ պայմաններ ստեղծէ բանակցային գործընթացի շարունակման համար:
Զախարովա նաեւ յայտնած է, որ ներկայիս համանախագահները կ՛աշխատին ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորմանն ուղղուած հերթական գագաթնաժողովի կազմակերպման ուղղութեամբ:
<<Խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին ՄԱԿի Գլխաւոր վեհաժողովի նստաշրջանի ծիրին մէջ եւ Սեպտեմբերի կիսուն այս ուղղութեամբ յայտարարութիւն կ՛ակնկալուի>>, նշած է Զախարովա:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ