Լեւոն Արոնեան՝ արագ ճատրակի մրցաշարքի յաղթող

By Asbarez | Friday, 18 August 2017

0818aronian

Սենթ Լուիսի մէջ կը շարունակուի <<Կրենտ Չես Թուր>>ի (Grand Chess Tour) 4րդ մրցափուլը, որով աւարտած է արագ ճատրակի մրցաշարքը: 18 ընդհանուր միաւորէն վաստակելով 12 միաւոր՝ մրցաշարքի միանձնեայ յաղթող ճանչցուեցաւ ճատրակի վարպետ Լեւոն Արոնեան:

34ամեայ Ճատրակի վարպետը մրցաշարքի վճռորոշ փուլի 7րդ շրջանին, սեւ խաղաքարերով պարտութեան մատնեց ռուս Սերկէյ Քարեաքինը, 8րդ շրջանին սպիտակներով ոչ-ոքի խաղաց ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրային հետ, իսկ արագ ճատրակի վերջին՝ 9րդ շրջանին, սեւերով առաւելութեան հասաւ քուպացի վարպետ Լենիէր Տոմինկեզ Փերեզի նկատմամբ:

Ընդհանուր առմամբ, արագ ճատրակի ամբողջ մրցաշարքին ընթացքին Արոնեան տարաւ 5 յաղթանակ, խաղցաւ 4 ոչ-ոքի եւ կրեց երկու պարտութիւն:

Մրցաշարքին կը մասնակցի նաեւ ճատրակի աշխարհի 13րդ ախոյեան, հայազգի Կարի Գասպարով, որ հանդէս կու գայ Ռուսիոյ դրօշին տակ: Գալիք օրերուն տեղի պիտի ունենան կայծակնային ճատրակի մրցաշարքի խաղերը, որոնց աւարտէն ետք յայտնի պիտի դառնայ <<Կրենտ Չես Թուր>>ի  4րդ մրցափուլի յաղթողին անունը:

 

comments

Advertisement