Ատրպէյճանի իշխանութիւնները երկիրը նոր Հիւսիսային Քորէայի կ՛ուզեն վերածել. Եունուս

By Asbarez | Friday, 18 August 2017

0818Yunus

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Ատրպէյճանցի յայտնի իրաւապաշտպան Լէյլա Եունուս, որ քանի մը տարի Պաքուի մէջ բանտարկուելէ ետք՝ ներկայիս Հոլանտա ապաստանած է, անդրադառնալով <<Թուրան>> լրատուական գործակալութեան դէմ Պաքուի իշխանութեանց սկսած հետապնդումներուն՝ Օգոստոս 17ին յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները երկիրը կ՛ուզեն Հիւսիսային Քորէայի նման բռնատիրութեան մը վերածել՝ լռութեան մատնելով երկրին վերջին անկախ լրատուամիջոցը:

Ըստ Եունուսի՝ Ալիեւի վարչակազմը կը պնդէ, թէ այդ լրատուական գործակալութիւնը խուսափած է տուրքերէ։ Սակայն, ան կտրուկ կերպով կը հերքէ այդ անհիմն մեղադրանքը՝ պնդելով, որ Պաքուն, իրականութեան մէջ, այդ գործակալութիւնը լռեցնելու նպատակ կը հետապնդէ:

<<Ասիկա արշաւ է արտայայտուելու ազատութեան դէմ>>, յայտարարած է Եունուս՝ մանրամասնելով. <<Ատրպէյճանի մէջ ընդդիմադիր թերթեր չեն մնացած։ Վերջինը՝ <<Ազատլըք>>ը, որ կը հրատարակուէր խորհրդային տարիներէն, ստիպուեցաւ դադրեցնելու իր գործունէութիւնը անցեալ տարի>>։

Յիշեցնենք, որ 2014ին, Եունուս եւ իր ամուսինը ձերբակալուած էին Հայաստանի ի նպաստ լրտեսութիւն կատարելու յանցանքով:

 



comments

Advertisement