Լափշինի փաստաբանը բացատրութիւններ կու տայ զայն Իսրայէլի արտայանձնելուն մասին

By Asbarez | Friday, 18 August 2017

0818Lapshin

ՊԱՔՈՒ, <<Ինթըրֆաքս>> - Արցախ այցելելուն համար Ատրպէյճանի մէջ դատապարտուած լրագրող Ալեքսանտր Լափշինի փաստաբանը՝ Էդուարդ Չեռնի, բացատրութիւններ տուած է իր պաշտպանեալը Իսրայէլին արտայանձնելու հարցին մասին: Փաստաբանին համաձայն՝ արտայանձնումի հարցը կրնայ յստականալ յառաջիկայ մէկ շաբթուան ընթացքին:

Լափշինի փաստաբանը նաեւ նշած է, որ իր պաշտպանեալի արտայանձնման հոլովոյթը չի կրնար ինքնաբուխ ըլլալ, եւ որ կողմերը պէտք է քայլերու ձեռնարկեն այդ ուղղութեամբ:

<<Իսրայէլի արդարադատութեան նախարարութիւնը պէտք է դիմէ Ատրպէյճանի արդարադատութեան նախարարութեան, որմէ ետք միայն ատրպէյճանական կողմը դիմումը պիտի քննարկէ>>, աւելցուցած է Չեռնի:

Նշենք, որ Լափշին դատապարտուած է երեք տարուան բանտարկութեան:

 



comments

Advertisement