Թրամփ կը քննադատուի Վըրճինիայի բախումներուն երկու կողմերը հաւասարապէս մեղադրելուն համար

By Asbarez | Friday, 18 August 2017

 

City Advocate Letitia James, left, wait her turn to as City Comptroller Scott Stringer address protesters at a

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ամերիկայի Ձայն>> - Հարիւրաւոր ցուցարարներ անգամ մը եւս հաւաքուած էին նախագահ Տանըլտ Թրամփի պատկանող <<Թրամփ Թաուըր>> շէնքին մօտ, Վըրճինիայի Շարլոթսվիլ քաղաքին մէջ անցած շաբաթավերջին տեղի ունեցած բախումներուն առթիւ նախագահի արձագանգին դէմ բողոքելու համար:

<<Փաստ է, որ սպիտակամորթ ազգայնամոլներ զոհ մը եւ վիրաւորներ պատճառած բռնարարքներու դիմած են Շարլոթսվիլի մէջ: Ամօ՛թ է ունենալ Ամերիկայի նախագահ մը, որ կը հրաժարի ուղղակի մեղադրել սպիտակամորթ ազգայնականները՝ այդ վայրագ յարձակումներուն համար>>, ըսած է ցուցարարներէն մէկը:

Նշենք, որ բազմաթիւ քոնկրեսականներ եւ պաշտօնատարներ եւս քննադատած են ազգայնամոլները եւ անոնց դէմ ցոյց կատարողները հաւասար մակարդակի վրայ դնելու Թրամփի փորձերը, որոնց վրայ եկաւ աւելնալու Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիական պատերազմի երկու կողմերը հաւասարցնող Թրամփի կոչերը։

Արդարեւ, Թրամփ Օգոստոս 17ին, անգամ մը եւս ցաւ յայտնեց ատենօք ստրկութիւնը պահպանելու նպատակով կառավարութեան դէմ անջատողական պայքար սկսած ամերիկացի ղեկավարներուն <<գեղեցիկ արձանները>> վերցնելու արշաւին համար՝ պնդելով, որ անոնք պէտք է պահպանուին։

 

 



comments

Advertisement