Պուլկարիա ռազմական կցորդի գրասենեակ կը բանայ Երեւանի մէջ

By Asbarez | Saturday, 19 August 2017

0819bulgaria

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ռազմինֆօ>> - 17 Օգոստոսին, պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ընդունեց Պուլկարիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մարիա Փաւլովա Ցոցորքովա-Քայմաքթչիեւան եւ նորանշանակ ռազմական կցորդ, փոխգնդապետ Եանչօ Կէորկիեւ Քոմիթովը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր:

Կողմերը գնահատեցին պաշտպանութեան ոլորտէն ներս հայ-պուլկարական յարաբերութիւններու մակարդակը եւ վստահութիւն յայտնեցին, որ ռազմական կցորդի գրասենեակի բացումը պիտի նպաստէ պաշտպանական համագործակցութեան յետագայ զարգացման ու խորացման:

 



comments

Advertisement