Կապրիէլ-Էրտողան սուր բանավէճ

By Asbarez | Tuesday, 22 August 2017

0817gabriel

ՊԵՐԼԻՆ, ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ յայտարարեց, որ իր երկիրը մտադիր չէ փոխել Թուրքիոյ նկատմամբ կարծր քաղաքականութիւնը՝ նշելով, որ Գերմանիան ստիպուած է այդ քաղաքականութիւնը երկար ատեն վարելու եւ չի նախատեսեր, որ կացութիւնը փոխուի քանի մը շաբաթէն: Ան նաեւ ընդգծեց, որ ներկայ փուլին կարելի չէ Մաքսային միութեան ստեղծման շուրջ Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ բանակցութիւնները շարունակել: Ան դատապարտեց եւ Գերմանիոյ գերիշխանութեան ուղղուած անարգանք համարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ գերմանաբնակ թուրքերուն ուղղած այն կոչը, թէ՝ անոնք պէտք է Թուրքիոյ <<թշնամի>> գերմանական կուսակցութիւններուն դէմ քուէարկեն՝ յառաջիկայ ընտրութեանց ընթացքին։

Թուրքիոյ մէջ Գերմանիոյ քաղաքացի եւ լրագրող Տենիզ Եուճելի ձերբակալութեան ակնարկելով՝ ան լրագրողը <<պատանդ>> որակած է, աւելցնելով. <<Երկար ատեն է, որ Էրտողանի հարցով կը ջանանք տրամաբանական դիրքորոշում դրսեւորելու: Սակայն, երբեմն պէտք չէ շատ լրջութեամբ մօտենանք անոր>>:

Հակադարձելով Կապրիէլի՝ Էրտողան պնդած է, թէ նախարարը <<իր չափը չի գիտեր>>:

<<Դուն ո՞վ ես, քանի՞ տարեկան ես, ի՞նչ քաղաքական անցեալ ունիս, որ Թուրքիոյ նախագահին մասին կը խօսիս: Չա՛փդ գիտցիր: Դուն գնա արտաքին գործոց նախարարին հետ խօսէ: Դուն ո՞վ ես…>>, պոռթկացած է Էրտողան:

Իր կարգին, Գերմանիոյ Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան նախագահ ու վարչապետի թեկնածու Մարթին Շուլց ըսաւ, որ Էրտողան <<այլեւս իր չափը անցած է>>՝ Գերմանիոյ խորհրդարանական ընտրութեանց միջամտելով։

<<Հիմա մենք պէտք է աւելի շատ նեցուկ կ՛անգնինք բոլոր անոնց, որոնք կը պայքարին ազատ ու ժողովրդավար Թուրքիա մը ստեղծելու համար>>, ըսաւ Շուլց։

 



comments

Advertisement