Ասատ քաղաքական մուրացկան կ՛անուանէ Էրտողանը

By Asbarez | Tuesday, 22 August 2017

Generated by  IJG JPEG Library

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ռոյթըրզ>> - Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակիցներուն հետ հանդիպման ընթացքին, նախագահ Պաշշար Ասատ յայտնած է, որ ինք այլեւս գործընկեր չի նկատեր Թուրքիան: Ասատ յիշեցուցած է, որ Սուրիա պատրաստ եղած է քննարկելու պատերազմի դադրեցման ուղղուած բոլոր առաջարկները, հակառակ անոր որ գիտէ, թէ անոնց մեծ մասը առաջադրուած է ոչ լաւ մտադրութիւններով:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի մասին խօսելով՝ ան նշած է, որ վերջինիս վարչակարգին կողմէ ահաբեկիչներու աջակցութեան բացայայտումէն ետք՝ Էրտողան <<քաղաքական մուրացկան>>ի դեր կը խաղայ:

<<Ահա թէ ինչո՛ւ Սուրիա անոր չի վստահիր եւ թրքական կողմը ո՛չ գործընկեր, ո՛չ ալ երաշխաւոր կը նկատէ>>, ըսած է Ասատ եւ աւելցուցած. <<Մենք մեր թշնամիներուն եւ հակառակորդներուն չենք արտօներ քաղաքականութեան ճամբով հասնիլ հո՛ն, ուր չեն յաջողած հասնիլ ահաբեկչութեան ճամբով>>:

<<Սուրիոյ բարեկամներուն օժանդակութիւնը նպաստեց սուրիական պետութեան գոյատեւումին, իսկ պատմութիւնը տակաւին շատ պիտի գրէ Իրանի եւ <<Հըզպալլա>>ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի մասին։ Մենք այս պատերազմին գինը սո՛ւղ վճարեցինք, սակայն արեւմտեան ծրագիրը ձախողութեան մատնեցինք եւ պիտի շարունակենք հարուածել ահաբեկչութիւնը>>, յայտարարած է Ասատ:

 



comments

Advertisement