By Asbarez | Wednesday, 23 August 2017
ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ռուսական օդուժը Օգոստոս 21ին հարուածած է <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական խմբաւորման մէկ զօրասիւնը, որ կ՛ուղղուէր Տէր Զօր՝ սպաննելով աւելի քան 200 զինեալներ, ինչպէս նաեւ խորտակած է աւելի քան 20 հրասայլեր ու ռազմական այլ մեքենաներ։ <<Տէր Զօր քաղաքին մօտ <<Իսլամական պետութեան>> պարտութիւնը Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն համար ռազմավարական պարտութիւն մը պիտի ըլլայ>>, ընդգծեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Իր կարգին, Ռուսիոյ սպայակոյտի գործադիր վարչութեան պետ Սերկէյ Ռուտսքոյ յայտարարեց, թէ Սուրիոյ մէջ <<Իսլամական պետութեան>> դէմ շարունակուող պայքարին ընթացքին ռուս եւ սուրիացի զինուորները յատկանշական յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն: Ըստ անոր, ռուսական ռազմական օդանաւերը վերջին մէկ ամսուան ընթացքին սաստկացուցած են իրենց յարձակումները՝ սպաննելով 800է աւելի զինեալներ:
Միւս կողմէ, <<Ճազիրա>>ն կը հաղորդէ, թէ Օգոստոս 21ին եւ 22ին, ամերիկեան ռազմական օդանաւեր սաստկացուցած են Ռաքքայի ռմբակոծումը, որուն իբրեւ հետեւանք՝ սպաննուած են մօտաւորապէս 100 քաղաքայիններ։
Ամերիկայի դաշնակից սուրիական ուժերը կը փորձեն այդ քաղաքը ազատագրել <<Իսլամական պետութեան>> ճիրաններէն։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ