By Asbarez | Thursday, 24 August 2017
ԱՆԳԱՐԱ, <<Անատոլու>> - Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Չորեքշաբթի, Օգոստոս 23ին ընդունած է Անգարա ժամանած Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմզ Մեթիսի այցելութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին, Էրտողան իր մտահոգութիւնները փոխանցած է Սուրիոյ քիւրտերուն տրամադրուող ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւններուն հարցով։
Օրակարգի վրայ եղած են նաեւ հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ Սեպտեմբերին կայանալիք անկախութեան հանրաքուէն, Ռուսիայէն <<Ս. 400>> հրթիռային համակարգեր գնելու Թուրքիոյ ծրագիրը եւ <<Իսլամական պետութիւն>> ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարը։
Էրտողանի հետ ունեցած իր հանդիպումէն առաջ, Մեթիս խորհրդակցութիւններ ունեցած էր նաեւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլիի հետ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ