By Asbarez | Thursday, 24 August 2017
ՖԻՆԻՔՍ, <<Էյ.Պի.Սի.>>, <<Ամերիկայի Ձայն>> - Երեքշաբթի, Օգոստոս 22ի երեկոյեան, նախագահ Տանըլտ Թրամփ Արիզոնայի մայրաքաղաք Ֆինիքսի մէջ իր հետեւորդներուն հետ մասնակցեցաւ հաւաքի մը, ուր երկփեղկուած հասարակութիւնը միաւորելու ուղղութեամբ կոչեր կատարելու փոխարէն՝ ազգայնամոլները եւ անոնց ընդդիմացողները հաւասարեցնող իր կեցուածքը պաշտպանեց:
Ան իր ելոյթին գրեթէ կէսը յատկացուց լրատուամիջոցներու եւ լրագրողներու վրայ հերթական դարձած իր յարձակումներուն՝ պնդելով, որ անոնք <<շատ կեղծաւոր են>>, <<մեր երկիրը չեն սիրեր>>, <<վատ մարդիկ են>>, <<երկիրը բաժնել կը փորձեն>>, եւ այլն։
Շարլոթսվիլի իրադարձութիւններուն առնչութեամբ իր կատարած հակասական յայտարարութիւնները յստակացնելու փոխարէն, ան խստօրէն քննադատեց նաեւ այս հարցով զինք քննադատող հանրապետական քոնկրեսականները, միաժամանակ անուղղակիօրէն հասկցնելով, որ ինք կրնայ ներում շնորհել ազգայնամոլ կեցուածքներու պատճառով բանտարկութեան դատապարտուած՝ Արիզոնայէն տխրահռչակ նախկին ոստիկանապետ Ճօ Արփայոնի, առաւել եւս բեւեռացնելով ամերիկեան հանրութիւնը:
Յատկանշական է, որ Թրամփի համակիրները սուտ նկարներ տարածած են, համոզելու համար, թէ նախագահին տասնեակ հազարաւոր հետեւորդներ ներկայ եղած են հաւաքին, մինչ հաւաքին սրահը հազիւ կէսով կարելի եղած է լեցնել։ Աւելի ուշ հաստատուած է, որ կեղծ նկարը Քլիվլընտի պասքեթպոլի խումբին յաղթանակը տօնած համակիրներուն նկարն էր։
Թրամփին հակադրուող աւելի մեծ թիւով ցուցարարներ խճողած են սրահին մօտակայ թաղերը՝ պոռալով. <<Ամօ՛թ, ամօ՛թ>>, <<Ո՛չ Թրամփին. Ո՛չ ազգայնամոլ Ամերիկային>>, եւ այլն։
Ելոյթէն ետք, <<Սի.Էն.Էն.>>ի հաղորդավարներէն Տեն Լեմըն յայտնեց, որ Թրամփի 70 վայրկեաննոց ելոյթը՝ <<իրականութեանց ամբողջական խաւարում մըն էր>>։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ