Մեթիս Իրաքցի Քիւրտերը յորդորած է՝ յետաձգել անկախութեան հանրաքուէն

By Asbarez | Friday, 25 August 2017

 

0825Mattis Barzani

ՆԻՒ ԵՈՐՔ - Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմզ Մեթիս Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի ղեկավար Մասուտ Պարզանին յորդորած է յետաձգել Սեպտեմբեր 25ին նախատեսուած անկախութեան հանրաքուէն. այս մասին գրած է <<Նիւ Եորք Թայմզ>> օրաթերթը:

Փենթակոնը յայտնած է, որ Մեթիս Արպիլի մէջ Պարզանիի հետ հանդիպումի մը ընթացքին քիւրտերը յորդորած է երկխօսութիւն կատարել Իրաքի իշխանութիւններուն հետ, հանրաքուէին շուրջ տարակարծութիւնները լուծելու համար:

Օրաթերթը, մեկնաբանելով Մեթիսի կոչը՝ կը նշէ. <<Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարները վերջերս կը զգուշացնեն բոլոր կողմերը, որ հանրաքուէն կրնայ երկրին մէջ քաղաքական նոր անկայունութեան յանգեցնել, այնպիսի ժամանակ մը, երբ Իրաքի մէջ տակաւին կը շարունակուի պայքարը <<Իսլամական պետութեան>> դէմ>>:

Նախապէս, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն եւս, հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Պարզանին յորդորած էր հանրաքուէն յետաձգել:

 



comments