Իսրայէլ ''վտանգ'' կ՛որակէ Սուրիոյ մէջ ներկայութիւնը ամրապնդելու Իրանի ջանքերը

By Asbarez | Friday, 25 August 2017

0825Putin-Netanyahu

ՍՈՉԻ, <<ՌԻԱ Նովոսթի>> - Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Օգոստոս 23ին, երկրի գաղտի սպասարկութեան՝ <<Մոսատ>>ի, եւ Իսրայէլի ազգային ապահովութեան խորհուրդի նախագահներուն հետ այցելեց Սոչի, ուր հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Նեթանիահու պնդեց, որ Սուրիոյ տարածքին Իրանի գործողութիւնները կը վտանգեն ո՛չ միայն Իսրայէլի եւ Միջին Արեւելքի, այլեւ ամբողջ աշխարհի ապահովութիւնը: Ան շեշտեց, թէ Իրան այսօր մեծ ջանքեր կը գործադրէ՝ Սուրիոյ մէջ իր դիրքերը ամրապնդելու համար, ինչ որ վտանգաւոր է ամբո՛ղջ աշխարհին համար։

Ըստ անոր՝ Իրան շարք մը երկիրներու մէջ իր ազդեցութիւնը տարածելու արշաւ կ՛իրականացնէ։ <<Իրան կրնայ որոշ չափով իր կամքը պարտադրել Իրաքի եւ Եմէնի մէջ, եւ գործնականօրէն՝ կ՛ազդէ նաեւ Լիբանանի մէջ զարգացող շարք մը իրադարձութիւններու վրայ: Մենք միացեալ ջանքերով կը յաղթենք <<Իսլամական պետութեան>>, սակայն անոր բացասական կողմը այն է, որ հո՛ն, ուր անիկա պարտութեան կը մատնուի ու կ՛անհետանայ, անոր տեղ կը մտնէ Իրանը: Մենք չենք կրնար վայրկեան մ՛իսկ մոռնալ, թէ Իրան կը սպառնայ Իսրայէլի պետութեան գոյութեան, կը զինէ ահաբեկչական խմբաւորումները եւ կը նախաձեռնէ ահաբեկչական արարքներու>>, ըսած է Նեթանիահու՝ Փութինի հետ իր զրոյցին ընթացքին:

 



comments