By Asbarez | Saturday, 26 August 2017
ԵՐԵՒԱՆ - Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Ուրբաթ, 25 Օգոստոսին ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզը:
Դեսպան Միլզ իր ափսոսանքը յայտնեց Խոսրովի Անտառի աւերիչ հրդեհին կապակցութեամբ:
Անդրադառնալով գործարար միջավայրի բարելաւման ու կաշառակերութեան դէմ պայքարին՝ դեսպան Միլզ յայտնեց. <<Ես ջերմօրէն կ՛ողջունեմ կաշառակերութեան դէմ պայքարին եւ առեւտրական միջավայրի բարելաւմանն ուղղուած ձեր ջանքերը, որոնք յանգեցուցած են Հայաստանի նկատմամբ ամերիկեան ընկերութիւններու եւ ներդրողներու հետաքրքրութեան մեծացման: Մենք կը շարունակենք դիտարկել միջոցներ, որոնց միջոցաւ կրնանք աջակցիլ ձեր ջանքերուն եւ խորացնել երկկողմ առեւտուրը եւ ներդրումները. մենք կը ջանանք գտնել այդ բոլորը իրականացնելու լաւագոյն ուղիները, որոնց կարգին՝ <<Հակակոռուպցիոն խորհրդ>>ին աջակցելու ամենաարդիւնաւէտ ուղին>>:
Ռիչըրտ Միլզ ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ գործող ամերիկեան ընկերութիւններէն վերջերս շատ դրական ազդակներ ստացած է հարկային տեսչութեան գործունէութեան վերաբերեալ: Ան աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է շարունակելու իր աջակցութիւնը՝ գործարար դաշտի յետագայ բարելաւման ուղղութեամբ կառավարութեան նախաձեռնութիւններուն:
Կարէն Կարապետեան, անդրադառնալով կաշառակերութեան դէմ պայքարին, ինչպէս նաեւ հարկային տեսչութեան գործունէութեան՝ յայտնեց. <<Այս ուղղութիւններով դեռեւս շատ անելիքներ ունենք եւ բարեփոխումները կրելու են շարունակական բնոյթ: Ունենք վճռականութիւն՝ գործարար միջավայրը բարելաւելու, կոռուպցիայի դէմ պայքարելու հարցերում, քանի որ այդ ամէնը պարզապէս անհրաժեշտութիւն է տնտեսութեան զարգացման համար>>:
Վարչապետը դեսպան Միլսզի հետ քննարկեց նաեւ արդարադատութեան ոլորտէն ներս իրականացուող բարեփոխումները:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ