By Asbarez | Tuesday, 29 August 2017
ՎԻԵՆՆԱ - Մամլոյ ազատութեան հարցերով ԵԱՀԿի ներկայացուցիչ Հարլեմ Տեզիր կոչ ուղղած է ազատ արձակելու ատրպէյճանական <<Թուրան>> լրատու գործակալութեան ղեկավար եւ լրագրող Մեհման Ալիեւը: <<Հիմքեր կան կարծելու, թէ Մեհման Ալիեւի ձերբակալութիւնը քաղաքական շարժառիթ ունեցող քայլ մըն է. կոչ կ՛ուղղեմ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, որ անյապաղ ազատ արձակեն լրագրողը եւ երաշխաւորեն անոր հիմնարար ազատութիւններուն պաշտպանութիւնը>>, ըսած է Տեզիր:
Ան աւելցուցած է, որ կարիք չկայ հետաքննութեան ծիրին մէջ կալանքի տակ պահելու լրագրողը կամ սառեցնելու <<Թուրան>> լրատու գործակալութեան հաշիւները:
Ալիեւի ձերբակալութիւնը տեղի ունեցած էր Օգոստոս 24ին, <<տուրքերէ խուսափելու>> եւ <<պաշտօնական լիազօրութիւններ չարաշահելու>> մեղադրանքով:
Նախապէս, Միջազգային լրագրողներու պաշտպանութեան յանձնախումբը <<Թուրան>>ը Ատրպէյճանի մէջ մնացած միակ անկախ լրատուական գործակալութիւնը անուանած էր եւ կոչ ուղղած էր դադրեցնելու անոր աշխատակիցներուն հանդէպ հալածանքը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ