By Asbarez | Tuesday, 29 August 2017
ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>>.- Ռաս Պաալպեքի, Ֆեքհայի եւ Քաայի բարձունքները, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Քալամունը ազատագրուեցան <<Իսլամական պետութեան>> լուծէն, եւ լիբանանեան, սուրիական ու <<Հըզպալլա>>ի դրօշակները ծածանեցան Լիբանան-Սուրիա սահմաններու հանդիպման կէտին վրայ:
Ահաբեկիչները անձնատուր եղան զոյգ բանակներուն եւ <<Հըզպալլա>>ին՝ խոստանալով առեւանգուած բանակայիններուն ճակատագիրը բացայայտել եւ վերադարձնել զոհերու աճիւնները, փոխադարձ ստանալով դէպի Տէր Զօր փոխադրութեան համաձայնութիւն:
Առեւանգուած բանակայիններու ընտանիքները, որոնք տակաւին կառչած կը մնային իրենց զաւակները դարձեալ գրկելու յոյսին, յուսախաբ եղան, երբ Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ Օգոստոս 27ի երեկոյեան յայտարարեց, թէ <<Իսլամական պետութենէն>> ստացուած տեղեկութիւններով հաստատուած է, թէ առեւանգուած բանակայինները սպաննուած են եւ թաղուած հաւաքական գերեզմանի մը մէջ։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ