Պաքու կը սպառնայ արգիլել Արցախի գինիի փառատօնին "օտար"ներու մասնակցութիւնը

By | Wednesday, 30 August 2017



ՊԱՔՈՒ, <<Էյ.Փի.Էյ.>> - <<Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներուն մէջ որեւէ տնտեսական կամ այլ գործունէութիւն անօրինակա՛ն է եւ իրաւական հետեւանքներ կը յառաջացնէ>>, Օգոստոս 29ին սպառնացած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Հիքմեթ Հաճիեւ՝ արձագանգելով Սեպտեմբեր 16ին Արցախի Հանրապետութեան մէջ գինիի փառատօն իրականացնելու մտադրութեան:

<<Նման միջոցառումներ կազմակերպելով՝ Հայաստան նպատակ կը հետապնդէ զբօսաշրջիկներ ներգրաւել եւ խրախուսել իր հովանաւորած ինքնահռչակ վարչակազմը, որ ստեղծուած է բռնագրաւումով, զինուած վայրագութեամբ եւ իբրեւ արդիւնք ցեղային զտման քաղաքականութեան>>, յայտարարած է զայրացած Հաճիեւ, պնդելով, որ հայկական կողմը նախապէս եւս փորձած է գինիի փառատօնի քօղին տակ օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներ ներգրաւել այդ <<գրաւեալ տարածքները>>: <<Սակայն, ատրպէյճանական կողմին ձեռնարկած միջոցառումներուն իբրեւ հետեւանք՝ այդ փորձերը ձախողած են: Այս անգամ եւս համապատասխան միջոցառումներու պիտի դիմենք>>, ազդարարած է ան:

 

comments