By Asbarez | Wednesday, 30 August 2017

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>> - Ատրպէյճանական <<Պասթաինֆօ>> լրատուական կայքը կը գրէ, թէ Միացեալ Նահանգներու պատկան մարմինները կը շարունակեն ուշադրութեամբ հետեւիլ Ատրպէյճան այցելած օրէնսդիրներուն, անոնց վրայ Պաքուի հաւանական ազդեցութիւնը պարզելու նպատակով:
Վերջին մէկ տարուան ընթացքին, միայն Սան Տիէկոյէն Քոնկրեսի 17 անդամներ այցելութիւններ կատարած են տարբեր երկիրներ, ներառեալ՝ Ատրպէյճան: Քոնկրեսականներու ճամբորդական ծախսերը հոգացած են տարբեր ատրպէյճանական ընկերութիւններ, հասարակական կազմակերպութիւններ եւ այլն:
Ատրպէյճան այցելած քոնկրեսականներուն մէջ կը յիշուին Լուիս Կիւթերեզի, Ճիմ ՄըքՏըրմըթի, Շեկլի Լիի եւ Պիլ Լոնկի անունները։
Նշեալ քոնկրեսականները, վերջին տարուան ընթացքին, 45 անգամ այցելած են Ատրպէյճան: Ամերիկեան պատկան մարմինները մտավախութիւն ունին, որ Ատրպէյճան նման անվճար ճանապարհորդութիւններ կազմակերպելով՝ կը փորձէ ազդեցութիւն ունենալ քոնկրեսականներու որոշումներուն վրայ:
Տարեսկիզբի շրջանին կը քննարկուէին նաեւ նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի տնտեսական կապերը ատրպէյճանցի պաշտօնատարներու հետ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ