
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - Իսրայէլեան <<Էրոնոթիքս>> ընկերութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն՝ երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան արտահանման վերահսկողութեան վարչութիւնը ժամանակաւորապէս արգելափակած է <<կարեւոր յաճախորդ>>ի մը՝ 20 միլիոն տոլար արժող <<Orbitier K1>> անօդաչու թռչող սարքերու վաճառման գործառքը. այս մասին կը հաղորդէ <<Հաքքին>> լրատու գործակալութիւնը, որ իր կարգին, տեղեկութիւնը քաղած է իսրայէլեան աղբիւրներէ։
Ըստ նոյն հաղորդագրութեան՝ մատակարարումները պիտի իրականացուէին 2017-2018 թուականներուն: 2016ի ընթացքին, տուեալ յաճախորդին գնումները կազմած են ընկերութեան եկամուտին 20 տոկոսը, իսկ 2015ին՝ 18 տոկոսը:
Ընկերութիւնը յաճախորդին անունը չէ յիշած՝ նշելով, որ խօսքը, ըստ <<Մուտիզ>> ընկերութեան՝ <<Ba>> վարկանիշով երկրի մը մասին է, որուն հետ Իսրայէլ տնտեսական սերտ կապեր ունի: Նաեւ նշուած է, թէ նոյն երկրին մէջ անօդաչու թռչող սարքերու պահեստամասեր արտադրող գործարան մը տեղակայուած է՝ համաձայն <<Էրոնոթիքս>>ի չափանիշներուն:
Յատկանշական է, որ <<Էրոնոթիքս>>ի յաճախորդներու շարքին նման վարկանիշ ունեցող միայն երկու երկիր գոյութիւն ունի՝ Սերպիան եւ Ատրպէյճանը, եւ անոնցմէ միայն Ատրպէյճանի մէջ նման գործարան մը կայ:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ցարդ չէ պատասխանած այս մասին մեկնաբանութիւն կատարելու դիմումներուն։
Յիշեցնենք, որ քանի մը շաբաթ առաջ հաղորդուած էր, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հետապնդէ տեղեկութիւն մը, ըստ որուն՝ նշեալ ընկերութեան պաշտօնատարները Ատրպէյճանին մատակարարուող անօդաչու սարքերուն կարելիութիւնները ցուցադրելու նպատակով հարուածած են հայկական դիրքերը: