By Asbarez | Wednesday, 30 August 2017

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Գերմանիոյ Կանաչներու կուսակցութեան թրքական արմատներով համանախագահ Ճեմ Օզտեմիր, որ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելուն համար Թուրքիոյ ազգայնամոլ շրջանակներուն կողմէ թշնամի կը համարուի, առաջարկած է, որ Թուրքիայէն Գերմանիա ուղարկուած ուսուցիչներուն արտօնութիւն չտրուի գերմանական վարժարաններու մէջ դասաւանդելու։
Այս տեսակէտին մասին գերմանական <<Զէյ>>չ թերթին բացատրութիւն տալով՝ Օզտեմիր յայտնեց, թէ գերմանական վարժարաններու մէջ նման ուսուցիչներու միջոցաւ՝ <<ազգայնամոլ մտածելակերպ>>ն ու <<բռնատիրական ոգի>>ն տարածելու Անգարայի ջանքերուն առաջքը պէտք է առնել։
Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ կրթական նախարարութեան արտօնութեամբ պաշտօն կը վարեն 508 ուսուցիչներ, իսկ Գերմանիոյ մզկիթներուն մէջ պաշտօնավարելու համար ուղարկուած կրօնաւորներուն թիւը մօտաւորապէս 1000 է։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ