By Asbarez | Wednesday, 30 August 2017
ԱՆԳԱՐԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը, շաբաթավերջին եւ Երկուշաբթի օր իրականացուց եռօրեայ համաժողովը մը՝ <<Արդարութիւն>> ընդհանուր խորագիրին տակ։
Համաժողովի գլխաւոր դերակատարը կուսակցապետ Քեմալ Քըլըճտարօղլուն էր, որ իր՝ <<Արդարութիւն>> խորագրուած եւ Անգարայէն Պոլիս երկարած քայլարշաւէն ետք, այս հաւաքը կազմակերպեց՝ շեշտելու համար, որ արդարութեան որոնումը պիտի շարունակուի, հակառակ իշխանութիւններուն կողմէ իր եւ իր կուսակցութեան հասցէին շարունակուող սպառնալիքներուն։
Քըլըճտարօղլու պնդեց, որ ինքն ու իր համախոհները <<ժայռի մը նման պիտի կանգնին անարդարութիւններու դիմաց>>, առանց զիջումներ կատարելու։ <<Ճիտիս պարտքն է այս երկրէն ներս հաստատել արդարութիւնն ու իրաւական կարգավիճակը. ասոր մէջ պիտի յաջողինք>>, ըսաւ ան։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ