Ճափոնի վրայէն թռիչք կատարած Հիւսիսային Քորէական հրթիռը նոր մտահոգութիւններ կը պատճառէ

By Asbarez | Wednesday, 30 August 2017

0830North Korea

ԹՈՔԻՕ, <<Սի.Էն.Էն.>> - Երեքշաբթի, Օգոստոս 29ին, Հիւսիսային Քորէան դարձեալ իր վրայ կեդրոնացուց աշխարհի ուշադրութիւնը, երբ արձակեց հեռահաս հրթիռ մը, որ այս անգամ անցնելով Ճափոնի վրայէն ու երեք մասերու բաժնուելէ ետք՝ ինկաւ Խաղաղական ովկիանոսի ջուրերուն մէջ:

Հրթիռարձակումը տեղի ունեցաւ այն միջոցին, երբ շրջանին մէջ միացեալ ռազմափորձեր տեղի կ՛ունենային Հարաւային Քորէայի եւ Միացեալ Նահանգներու զինուորական ուժերուն միջեւ։

Ճափոնի վարչապետ Շինզօ Ապէ քննադատեց այս աննախադէպ ու <<անպատասխանատու>> արարքը՝ աւելցնելով. <<Անիկա լուրջ ու մեծ սպառնալիք է, որ վտանգի տակ կը դնէ ամբողջ տարածաշրջանի ապահովութիւնը>>։

Իր կարգին, Ճափոնի կառավարութեան բանբերը ըսաւ, թէ Թոքիօ այս գծով խորհրդակցութեան մէջ է Միացեալ Նահանգներու, Հարաւային Քորէայի եւ շահագրգիռ այլ պետութիւններու հետ:

Հարաւային Քորէա ներկայիս Միացեալ Նահանգներու հետ կը գործակցի, հիւսիսէն արձակուող որեւէ հրթիռ չէզոքացնելու նպատակով: Երկրի արտաքին գործոց նախարարը այս գծով հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է ամերիկացի իր պաշտօնակիցին հետ՝ խոստանալով հարցը դարձեալ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի օրակարգ հասցնել:

 



comments

Advertisement