Ընտրապայքարի օրերուն Թրամփի փաստաբանը Փութինի միջամտութիւնը խնդրած է

By Asbarez | Wednesday, 30 August 2017

0830Cohen

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, <<Ազատութիւն>> - Նախագահ Տանըլտ Թրամփի փաստաբան Մայքըլ Քոհըն Օգոստոս 28ին, պատասխանելով Ներկայացուցիչներու տան մէկ հետախուզութեան՝ ընդունած է, որ անցեալ տարուան նախագահական ընտրութեան օրերուն ինք նամակ մը յղած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքովին՝ անկէ խնդրելով, որ Փութին աջակցութիւն ցուցաբերէ Մոսկուայի մէջ Թրամփի անունը կրող շէնք մը կառուցելու ծրագիրին։ Փութին, սակայն, անպատասխան ձգած էր այդ դիմումը, իսկ ծրագիրը այնուհետեւ չէր իրականացած։

Թրամփ անցեալին հերքած էր, թէ ինք Ռուսիոյ մէջ տնտեսական ծրագիրներ մշակած է։ Յատկանշական է, որ այս միջադէպը տեղի ունեցած է ընտրապայքարի ա՛յն օրերուն, երբ Թրամփ յաճախ կը գովէր Փութինի քայլերը։

Քոհըն նաեւ ընդունած է, թէ ինք նամակը գրած էր՝ անսալով Խորհրդային Միութիւն ծնած ամերիկացի գործարար Ֆելիքս Սաթերի խորհուրդին։ Ամերիկեան լրատուամիջոցներու համաձայն՝ վերջինս կապեր ունի ռուսական մաֆիային հետ։

Այս բացայայտումէն անմիջապէս ետք եւ պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ռուսիան Միացեալ Նահանգները սպառնալիք մը կը համարէ՞՝ Թրամփ ուղղակի պատասխան չէ տուած, այլ ըսած է. <<Լաւ կ՛ըլլայ, եթէ մենք շատ լաւ, կամ առնուազն՝ լաւ յարաբերութիւններ ունենանք Ռուսիոյ հետ: Այս շատ կարեւոր է, եւ յոյս ունիմ, որ օր մը այդպէս կ՛ըլլայ: Ռուսիան մեծ պետութիւն է, հիւլէական պետութիւն է, երկիր մը, որուն հետ մենք պէտք է լեզու գտնենք>>:

 


comments

Advertisement