Ասատ յաղթեց եւ պիտի մնայ իշխանութեան վրայ. Ռապըրթ Ֆորտ

By Asbarez | Thursday, 31 August 2017

0831Ford

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ - Սուրիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռապըրթ Ֆորտ, էմիրաթական <<Նեշընըլ>> օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ պատերազմը աստիճանաբար կը չքանայ՝ աւելցնելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ <<յաղթե՛ց եւ պիտի մնա՛յ իշխանութեան վրայ, թերեւս ալ երբե՛ք պատասխանատուութեան պիտի չկանչուի>>: Ֆորտ աւելցուցած է, թէ Իրանի ազդեցութիւնը այսուհետեւ տիրական պիտի ըլլայ Սուրիոյ մէջ. <<Ա՛յս է նոր իրողութիւնը, զոր պէտք է ընդունինք, եւ այդ առնչութեամբ մեծ բան չենք կրնար ընել>>։

Ան նաեւ յայտնած է, որ օտար կառավարութիւնները, որոնք անցեալին Սուրիական ազատ բանակին կ՛աջակցէին, պատրաստակամ չեղան անոր նիւթական միջոցներ եւ զէնքեր, ներառեալ նաեւ՝ հակաօդային հրթիռներ տրամադրելու, կամ՝ զինուորական խորհրդատուներ ուղարկելու, ճիշդ ինչպէս պատահեցաւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն. այս պատճառով ալ, անկարելի պիտի ըլլայ ընդդիմութեան՝ պարտութեան մատնել Ասատը եւ անոր ռուս եւ իրանցի դաշնակիցները:

<<Նոյնիսկ եթէ օտար կառավարութիւնները այդ մէկը (յաւելեալ աջակցութիւններ) կատարեն, պատերազմը պարզապէս աւելի պիտի երկարի եւ հաւանաբար՝ անել կացութեան առաջնորդէ>>, ըսած է ան:

Պատասխանելով Ասատի իշխանութեան ապագային վերաբերեալ զիջումներ կատարելու համար՝ սուրիական ընդդիմութեան վրայ շրջանային ճնշումներ կատարելու մասին հարցումի մը, Ֆորտ ըսած է, որ այդ ճնշումները <<խոստովանութի՛ւն են, թէ զինուորական կացութիւնը ի նպաստ Ասատի, Ռուսիոյ եւ Իրանի է>>: Ան ապա նշած է, որ սուրիական կառավարութիւնը <<տեղական կառավարութիւններ կամ ապակեդրոնացում պիտի չընդունի, հակառակ անոր որ ռուսական կողմը շարունակ կը խօսի այդ մասին>>:

<<Վարչակարգը ուշ կամ կանուխ պիտի վերատիրանայ Տարաայի կամ Իտլիպի: Ատիկա կրնայ երկու կամ չորս տարի տեւել, սակայն ան պիտի չընդունի այդ տարածքներուն վրայ այլ կառավարութիւններու տիրութիւնը՝ տեղական ըլլան անոնք թէ օտար>>, ըսած է ան:

Ինչ կը վերաբերի քիւրտերուն, ապա Ֆորտ մատնանշած է, որ Ռաքքայի եւ Տէր Զօրի մէջ <<Իսլամական պետութենէն>> ձերբազատուելէ ետք, մեծ հաւանականութիւն գոյութիւն ունի, որ Իրանն ու Ասատը միասին յարձակում շղթայազերծեն նաեւ քիւրտերուն դէմ, եւ՝ <<այդ պարագային, ամերիկացիները իրենց ուժերը պիտի չօգտագործեն պաշտպանելու համար քիւրտերը>>:

<<Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ուրախ պիտի ըլլայ Ասատի յարձակումով, իսկ քիւրտերը ահաւոր սխալ մը պիտի գործեն, եթէ կարծեն, թէ Միացեալ Նահանգները պիտի գայ զիրենք փրկելու>>, եզրակացուցած է Ֆորտ:

 



comments