Իրանի հետ Հիւլէական հարցին շուրջ համաձայնութեան այլընտրանք չկայ. Մաքրոն

By Asbarez | Thursday, 31 August 2017

0831Macron

ՓԱՐԻԶ, <<Ա. Էֆ.Փէ.>> - Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, իր երկրի դեսպաններուն հետ Էլիզէի պալատին մէջ տարեկան հաւաքին ընթացքին ըսաւ, որ Իրանի հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ դիւանագիտական համաձայնութեան այլընտրանք գոյութիւն չունի:

<<Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ մեր հասարակաց նպատակն է՝ <<Իսլամական պետութիւն>>ը պարտութեան մատնել, քիմիական զէնքի օգտագործման առջեւ կարմիր գիծ քաշել եւ շրջափակուածներուն օժանդակութիւն հասցնել>>, ըսաւ ան: Մաքրոն նաեւ նշեց, որ իր երկրի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի յառաջիկայ նիստին ընթացքին պիտի առաջարկէ Սուրիոյ վերաբերեալ յատուկ խմբակ մը յառաջացնել:

Ֆրանսայի նախագահը աւելցուց, որ <<ծայրայեղական իսլամներուն>> դէմ պայքարը իր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնն է՝ նշելով, որ իր երկիրը ահաբեկչութեան նիւթական օժանդակութիւնները կասեցնելու համար, կ՛ուզէ գործակցիլ Եգիպտոսի, Յորդանանի եւ շրջանի այլ երկիրներու հետ:

 



comments