Թուրքիա հսկայ քայլերով կը հեռանայ Եւրոպայէն. Եունքեր

By Asbarez | Thursday, 31 August 2017

0830junker

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու նիստին ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր խօսած է Թուրքիոյ հետ անդամակցութեան բանակցութիւններուն մասին:

Ըստ թրքական <<Հիւրրիյէ>>չ թերթին՝ ան ըսած է, որ Անգարա եւ յատկապէ՛ս Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կը փորձեն բանակցութիւններուն ձախողութիւնը բարդել Եւրոմիութեան վրայ, մինչ իսկական մեղաւորը Էրտողա՛նն է: Եունքեր շեշտած է, թէ՝ <<Թուրքիա սկսած է հսկայ քայլերով հեռանալու Եւրոպայէն>>:

 



comments