Մերքել Անգարայէն կը պահանջէ ազատ արձակել Գերմանիոյ քաղաքացիները

By Asbarez | Thursday, 31 August 2017

 

0831Merkel

ՊԵՐԼԻՆ, <<Սի.Էն.Էն.>> - Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Թուրքիոյ իշխանութիւններէն պահանջած է ազատ արձակել իր կալանաւորած գերմանացի քաղաքացիները՝ ազդարարելով, որ անոնց ձերբակալութիւնը լուրջ ազդեցութիւն կ՛ունենայ թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն վրայ:

<<Շատ պիտի փափաքէինք լաւ յարաբերութիւններ պահպանել Թուրքիոյ հետ, սակայն պէտք է նայիլ իրականութեան աչքերուն: Մեր պահանջը շատ յստակ է՝ այդ մարդիկը պէտք է ազատ արձակուին>>, ըսած է Մերքել:

Թուրքիոյ մէջ կալանքի տակ գտնուող Գերմանիոյ քաղաքացիներուն շարքին են <<Տէօչէ Վելլէ>>ի Թուրքիոյ թղթակից Տենիզ Եուճել եւ կարգ մը իրաւապաշտպաններ, ինչպէս նաեւ՝ Սպանիոյ մէջ <<Ինթըրփոլ>>ի միջոցով ձերբակալուած այլ գերմանացի մտաւորական մը, որ յաճախ կը քննադատէ Անգարայի քաղաքականութիւնը:

Իր կարգին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Օգոստոս 29ին, երկրորդ անգամ ըլլալով հեռաձայնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին եւ պահանջած է ազատ արձակել Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած ֆրանսացի լրագրող Լուփ Պիւրօն:

Նոյն նիւթով նախագահներու վերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած էր Օգոստոս 16ին:

Կը նշուի, որ կողմերը պիտի շարունակեն բանակցիլ լրագրողի արտայանձնումին շուրջ: Լրագրողը ձերբակալուած էր Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ գտնուող Շըրնաք նահանգին մէջ: Ան Թուրքիոյ կողմէ կը մեղադրուի երկրին մէջ ահաբեկչական նկատուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան աջակցելու եւ ահաբեկիչներուն ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու յանցանքներով:

 



comments