Եթէ կայ Ատրպէյճանի ''Սեւ Ցուցակ'', պատիւը ունիմ այնտեղ յայտնուելու. Տանիըլ Տեքըր

By Asbarez | Thursday, 31 August 2017

 

0831danieldeker

Ամերիկացի երգիչ եւ երգահան Տանիըլ Տեքըր արդէն 17րդ այցը կը կատարէ Հայաստան:

Ըստ <<Փանորամա>>ի՝ երգիչին այս անգամուան այցին նպատակը Արցախի անկախութեան եւ Շուշիի ազատագրման 25 ամեակներն են: Չորեքշաբթի օր լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին Տեքըր մանրամասնութիւններ ներկայացուց իր նախագիծին մասին:

<<Սեպտեմբեր 3ին Արցախ պիտի գտնուիմ <<Իմ Արցախ>> նախագիծով: Համերգին ընթացքին պիտի հնչեն երկու նոր երգեր՝ <<Արաքս>> եւ <<Իմ Արցախ>> ստեղծագործութիւնները: <<Արաքս>>ի խօսքերուն հեղինակը ես եմ, երաժշտութիւնը Արա Գէորգեանինն է: Երգը նոյն գետի մասին է, գրած եմ այն հեռանկարով, որ գետը խօսի ժողովուրդին հետ: Իսկ <<Իմ Արցախ>> երգը հարցազրոյց է Արցախի ու քաջ ժողովուրդին միջեւ: Շատ ուրախ եմ, որ բեմը պիտի կիսեմ իմ ընկերներուս՝ սիրուած երգիչներ Համլէտ Գէորգեանի, Լէյլա Սարիբէկեանի, Անահիտ Շահբազեանի եւ Եւա Եգանեանի հետ>>, կը յայտնէ երգիչը:

Նշենք, որ նախագիծը կ՛իրականացուի Արցախի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւններու հովանիին տակ:

Պատասխանելով հարցումին, թէ ան ինչպիսի՞ վերաբերմունք ունի Ատրպէյճանի <<սեւ ցուցակ>>ին մասին, ուր կրնայ յայտնուիլ նաեւ ինք՝ ամերիկացի երգիչը պատասխանեց. <<Եթէ կայ սեւ ցուցակ, պատիւ ունիմ այնտեղ գտնուելու: Այն ժամանակ, երբ գրեցի <<Ատանա>> ստեղծագործութիւնը, արդէն համոզուած էի, որ ցուցակը պատրաստ է ինծի համար: Ես բնական կը համարեմ ատիկա, քանի որ կանգնած եմ ճշմարտութեան կողքին>>: Տանիըլ Տեքըր աւելցուց, որ նաեւ կը փափաքի համերգներով հանդէս գալ Հայաստանի մարզերուն մէջ. այդ ուղղութեամբ այժմ կան  միայն կազմակերպչական հարցեր:

Յիշեցնենք, որ Տանիըլ Տեքըր 23 Ապրիլ 2015ին Հայասատնի քաղաքացիութիւն ստացաւ:

 



comments